-
25.05.2018|
00:09
Եթէ ցօղունն ու արմատը մարմինն են տունկին, ես-ը անոր ծաղիկն է: Ինչպէս ծաղիկն է շռայլ իր բուրմունքով ու գոյնով, այնպէս պէտք է ըլլայ նաեւ ես-ը ճշմարիտ, որ համանուագն է զգայարանքներուն:
-
22.05.2018|
00:05
Երբ արեւը խաւարեցաւ, երբ եկեղեցիին վարագոյրը պատռեցաւ, խաչին վրայէն Աստուածն էր, որ կը բաժնուէր Յիսուսի մարմնէն:
-
18.05.2018|
00:04
Աստուծմէն յետոյ ճշմարիտ ես-ն է համագումարը բոլոր գեղեցկութիւններուն: Հոնկէ է, որ իրերը իրենց իմաստուն ցոլքը կը ստանան այնպէս, ինչպէս Լուսնկան իր ցոլքը կը ստանայ Արեւէն ու կը բաշխէ Երկրին:
-
15.05.2018|
00:01
Բանաստեղծը միշտ ալ ճախրանքը կþունենայ տալու իմաստը արեւին, կանանչին, կնոջ ժպիտին, արցունքին, կապոյտին, այն բոլոր բաներուն, ուր Քու իմաստութիւնը կայ եւ կան անծանոթ լեզուի մը տառերը շողական:
-
11.05.2018|
00:06
Տու՜ր շնորհը, Տէ՜ր, որ մենք լեցուինք իմաստուն լռութիւնով, ինչպէս արցունքը կը լեցուի աչքերուն մէջ, եւ մենք չգիտենք խորութիւնը այդ արցունքին եւ կամ ինչպէս նոյն աչքերուն մէջ կը լեցուի խայտանքը ժպիտին, որուն արմատը նոյնպէս անծանօթ է մեզի:
-
08.05.2018|
00:00
Լռութիւնը հոգիներուն մէջ անեզր ովկեան մըն է, եւ մենք ծովաճայերու նման անոր եզերքներուն վրայ է, որ կը ճախրենք: Ինչպէս որ ծովաճայերու շնորհալի թեւերը չեն կրնար նուաճել անջրպետը ովկեանին, այնպէս ալ մենք չենք կրնար նուաճել լռութիւնը, որ կայ մեր հոգիներուն մէջ:
-
04.05.2018|
00:07
Մեծագոյն իմաստութիւնը լռութեան մէջ կը հասունանայ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն սէրն ու վիշտը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մութին ու լռութեան մէջ կը կազմաւորուին թեւը թիթեռնիկին եւ գոյնը ծաղիկին:
-
27.04.2018|
00:24
Բոլոր մարդոց հոգիներուն մէջ կայ այն գիծը, ուր Երկինքը կը միանայ, ու Աստուած այն ատեն իր քայլերը կը դնէ այդ սեմէն ներս, երբ մարդիկ պատրաստ են ընդունելու խաղաղութիւնով մը, որ լռութեանն է: Լռութիւնը այն արմատն է, որ հողին մթութեան մէջ կը սնանի, ծնունդ կու տայ փոքր ծաղիկին ու կաղնիին հսկայ:
-
20.04.2018|
00:03
Անոնք ուզեցին երաժշտութիւնով իմանալ Քու ձայնը: Եվ սակայն Դուն միշտ լուռ մնացիր: Անոնք ուզեցին մարմարին մէջ բռնել Քու կերպարանքը, Տէ՜ր, եւ, սակայն, Դուն անկերպարան մնացիր՝ նոյնպէս մարդոց հոգիներուն պէս:
-
17.04.2018|
00:06
Անոնք ճամբորդեցին անծանօթ ու դաժան ճամբաներէն, ունեցան վիշտ, ունեցան արցունք ու բերկրանք, մինչեւ որ անոնց աչքերը իմաստութիւնով լեցուեցան, եւ տեսան, որ իրենց հոգիի կապոյտ լռութեան մէջ միացման գիծ մը կայ Երկնքին հետ: